2015-02-26 08:14:19

Մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութեան տեղեկագիրը` 2014-ը եղաւ ողբերգական տարի մը միլիոնաւոր մարդոց համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Քննարկելով 160 երկիրներու իրավիճակը, Մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւնը կը տեղեկագրէ որ 2014-ը եղաւ ողբերգական տարի մը միլիոնաւոր մարդոց համար եւ ամօթալի ու անզօր կ’ որակէ միջազգային հասարակութեան պատասխանը յաչս պետութիւններու ու զինեալ խմբակներու վայրագութեան։
Մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցած վերջին տեղեկագիրը, կը խօսի միլիոնաւոր անհատներու մութ ու տխուր կացութեան մասին, սկսեալ Պաղեստինէն, Սուրիայէն, Նիճերիայէն մինչեւ կեդրոնական Ափրիկէի Ուկրանիա եւ Իրաք եւ կ՛ընդգծէ միջազգային հասարակութեան բացակայութիւնը։
Այս տարի ՄԱԿի հիմնադրութեան 70 ամեակն է եւ աշխարհը հանդիսատես է անողորմ բռնութեան որու հետեւանքով գաղթականներու ու փախստականներու թիւը անհամար է։ 2014 տարին պիտի յիշուի որպէս ողբերգական տարի մը միլիոնաւոր մարդոց համար։ Իսլամական Պետութիւնը, Պաքօ Հարամ եւ Ալ Շապապ զինեալ ու ահաբեկիչ խմբակներու իշխանութիւնները մշտատեւ կ’աճին։

Իտալիոյ Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան նախագահ` Անթոնիօ Մարքեզիի գնահատումով միջազգային հասարակութիւնը պէտք չէ խորհի պարիսպներ բարձրացնել պաշտպանելու իր սահմանները, պահպանելու իր հարստութիւնը մարդկայնական շտապ օգնութեան առջեւ։ Գաղթողներու մեծամասնութիւնը ապաստան գտած է Լիբանան, Յորդանան, Թուրքիա եւ Իրաք եւ ոչ թէ Եւրոպա. Ուստի վտանգ մը չկայ ներխուժումի։ Կը խնդրուի ՄԱԿի անվտանգութեան Խորհուրդի մնայուն 5 անդամներէն, որ իրենց իշխանութիւնը բանեցնեն անմեղներու սպանդը կեցնելու, արգիլելու զէնքի վաճառքը, որ հակառակ բազմաթիւ պետութիւններու այս ուղղութեամբ համաձայնագիրի ստորագրումին ԱՄՆը, Ռուսաստանը, Գանատան ու Իսրայէլը զայն չեն ստորագրած տակաւին։
Այս տխուր համապատկերէն զատ Մարդու իրաւունքներու միջազգային կազմակերպութիւնը դրական պատկեր մը կը ներկայացնէ մատնանշելով որ 2014-ին մեծ թիւով երկիրներ , 117, ընդունած են ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի մէկ որոշումը` մահապատիժի ջնջումին ի խնդիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.